image
Հրատապ լուրեր:

AMAA-ը նեցուկ Հայաստանի Նաւուր համայնքին

AMAA-ը  նեցուկ Հայաստանի Նաւուր համայնքին

Հայաստանի Հանրապետութեան Նաւուր Համայնքի Համագործակցութիւնը՝  Շնորհիւ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Ապահովուեցաւ Նոր Գիւղատեխնիքայով

 

Բըրամըս, Նիւ Ճըրզի - «Մէկ գիւղ» Ընկերակցութեան ծիրին մէջ, Դեկտեմբեր 2019-ին՝ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան  միջնորդութեամբ «Նորդ Հիլզ» Ընկերութեան Տնօրէն Արշաւիր Գէորգեանը ու Լոս Անճելոսաբնակ բարերարներ Ճորճ եւ Խաչիկ Թիթիզեանները Նաւուր համայնքին  (Consortium) նուիրեցին «Պելառուս» մակնիշով քարշակ (tractor)՝ գիւղի կարիքներուն օգտագործելու նպատակով։

ՀՀ Տավուշի մարզի «Նավուր Համայնքի Գիւղատնտեսական Սպառողներու Միաւորում»ը ստեղծուեցաւ 2014-ին՝ համայնքի անասնապահութեամբ զբաղուող բնակչութեան անասուններու կերի կուտակման աշխատանքներուն աջակցելու նպատակով։ Այս Համագործակցութիւնը ձեռք բեռած է որոշ գիւղատնտեսական արուեստագիտութիւն, սակայն աւելի արդիւնաւետ շահագործումի համար կարիքը ունէին նոր քարշակի, որու ձեռք բերումը համագործակցութեան կարողութենէն վեր էր։

Նավուրի Համագործակցութեան Տնօրէն Մհեր Նիկոյանը եւ իր աշխատակազմը մեծապէս կը գնահատեն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղին եւ բարերարներուն աջակցութիւնը եւ առատաձեռնութիւնը։


Հետեւեալ տասնըմէկ կազմակերպութիւնները մաս կը կազմեն «Մէկ Գիւղ» Ընկերակցութեան.- «Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն»ը (ԱՀԱԸ), «Շեն» Բարեգործական Հասարակական Կազմակերպութիւնը, «Հայաստանի Մանուկներ Հիմնադրամ»ը (COAF), «Զարգացման Սկզբունքներ»ը (Development Principles), «Հայ Օգնութեան Ֆոնտը»,  «Վորլտ Վիժըն Հայաստան»ը, «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»ը (ԴՀ) (Teach for Armenia), «Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Հայաստանեան Կլոր Սեղան Հիմնադրամ»ը (WCC ART), «Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն»ը (AGBU), «Հայկական Կարիտաս»ը եւ «Դիակոնիա» Բարեգործական Հիմնադրամը: