image

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան մեծ նուէրը Հայաստանի եւ Արցախի 11.000 փոքրիկներուն

Ամերիկայի Հայ  Աւետարանչական Ընկերակցութեան մեծ նուէրը Հայաստանի  եւ  Արցախի  11.000    փոքրիկներուն

Բըրէմըս, Նիւ Ճըրզի – Երկու օրեր՝ Յունուարի 14-ին եւ 15-ին մարդաշատ էր Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հայաստանի Կեդրոնի Դահլիճը: Օրական չորս անգամ այդտեղ հաւաքուած մանուկներուն ու անոնց ծնողներուն համար Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան միջոցառումները տեղի կ՚ունենային։ Ինչպես միշտ, այս անգամ եւս այն կը տարբերէր նմանատիպ ձեռնարկներէն: Ատոնք սոսկ «Ձմեռ Պապ»ի այցելութիւն, ուրախ երգ ու պար եւ նուէրներ չէին։ Դահլիճին մէջ հաւաքուած երեխաներուն ու անոնց ծնողներուն կը փոխանցուէր Ծննդեան խորհուրդը՝ Աստուծոյ սէրը միմիանց փոխանցելու եւ մարդոց անշահախնդիր ուրախութիւն պարգելու գաղափարը։ 



 

Աւետարանչական Ընկերակցութեան «Հայասա» Թատերախումբի բեմադրած «Երեք Զամբիւղ» ներկայացումին հիմքը ճիշդ այդ գաղափարն էր՝ Աստուծոյ սէրը, զոր պատանի դերասանները կարողացան յաջողութեամբ փոխանցել հանդիսատեսներուն։ Թատերախումբի ղեկավար Նունէ Աբրահամեանի հեղինակած բեմադրութիւնը կը ներկայացնէր Ամանորի նախօրեակին իրենց նուիրական երազանքներու մասին պատմող դպրոցականներ, որոնք կրցան հասկնալ որ նոյնիսկ շօշափելի երազանքները կրնան իրականութիւն դառնալ, Երբ անոնց հասնելու ճանապարհին կայ մեծ ցանկութիւն՝ ուրիշներու օգնելու պատրաստակամութիւն եւ անսահման կարեկցութիւն։ Ներկայացումի վերջաւորութեան դերասանները ողջագուրեցին իրար եւ հնչեց Սուրբ Գրային կարեւոր պատգամներէն մէկը՝ ուր Յիսուս ըսաւ. «Ես եկայ, որ կեա՛նք ունենան, եւ ճոխութեա՛մբ ունենան»։ (Յովհ. 10. 10)

 


Իւրաքանչիւր ներկայացումէ առաջ իրենց բարեմաղթանքները փոխանցեցին ներկաներուն Վեր. Աւետիք Խաչատրեան՝ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժինի Տնօրէն եւ Յարութ Ներսէսեան՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ներկայացուցիչը Հայաստանի մէջ։

Աւետարանչականը եւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին միասնաբար կազմակերպեցին նմանօրինակ Ծննդեան հաւաքոյթներ Հայաստանի եւ Արցախի աւելի քան 45 քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ։ 11,000է աւելի երեխաներ ոչ միայն ստացան Ծնունդի յատուկ նուէրներ՝ այլ լսեցին Աստուծոյ սիրոյն պատգամը ։

Երախտապարտ ենք մեր բոլոր բարերարներուն որոնք իրենց օժանդակութեամբ կարելիութիւն ընծայեցին մեզի Հայաստանի եւ Արցախի մեր երեխաներուն շնորհելու Սուրբ Ծննդեան երջանկութիւնը։