image
Հրատապ լուրեր:

Լաւաշի մասին պատմող գիրքը՝ «Լաւագոյն հրատարակութիւն»

Լաւաշի մասին պատմող գիրքը՝ «Լաւագոյն  հրատարակութիւն»

Հայկական լաւաշին մասին պատմող գիրքը գանատական «National Post» օրաթերթին կողմէ ծանօթացուած է որպէս շաբթուան ամէնէն լաւ հրատարակութիւնը:

Խօսքը «Լաւաշ. 1000 ճաշատեսակներ պատրաստող հաց, Հայաստանէն աղցաններ եւ ճաշերու բաղադրատոմսեր» անունով խոհարարական գիրքի մասին է, որ պատրաստուած է գրագիտուհի Քեյթ Լեհիի, լուսանկարիչ Ճոն Լիի եւ շէֆ-խոհարար Արա Զատայի համատեղ ջանքերով:
 
«Նոր Յառաջ»ը կը գրէ, որ գիրքը կը ծանօթացնէ Հայաստանի ու Արցախի խոհանոցները: Աղանդերներէն մինչեւ մայր ճաշատեսակներ եւ անուշեղէններ, բոլոր ուտելիքներու բաղադրատոմսերը ներկայացուած են այս գիրքին մէջ, մասնաւորաբար լաւաշ հացը, որ ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ ներառուած է մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ:
Լաւաշին յատուկ բաժին մը յատկացուած է գիրքին մէջ. կը նշուի նաեւ որ լաւաշ հացը 1915-ի դէպքերէն առաջ մեծ տարածում ունէր Օսմանեան կայսրութեան հայկական գիւղերու եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: