image

Թուրք ընդդիմադիր քաղաքապետը Հրանդ Տինքի յիշատակին գրառում կատարած է

Թուրք ընդդիմադիր քաղաքապետը Հրանդ Տինքի յիշատակին գրառում կատարած է

Առաջին անգամ Պոլսոյ քաղաքապետը  Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցի օրը ցաւակցական գրառում կատարած է։

Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն Twıtter–ի իր էջին գրած է. «Հրանդ Տինքը սրտով եւ խօսքով խաղաղութեամբ լի լրագրող էր։ Մեր երկրի ու պատմութեան համար շատ ցաւալի ձեւով հեռացաւ։ Երբ Հրանդի անունը կը լսենք, այդ ցաւը կրկին կը զգանք։ Կը յարգեմ իր յիշատակը, թող հոգին լուսաւորուի»:

Նշենք, որ 2006 թուականի 19 յունուարին, Հրանդ Տինքն սպանուեցաւ իր գլխաւորած «Ակօս» թերթի խմբագրութեան առջեւ։