image

Արցախի մէջ զոհուած զինուորը 4 զաւակներու հայր էր

Արցախի մէջ զոհուած զինուորը 4 զաւակներու հայր էր

Արցախի մէջ 21 յունուարին դժբախտ պատահարէ մահացած 39-ամեայ պայմանագրային զինծառայող Արթուր Նալպանտեանը ծնունդով Լոռիի մարզի Օձուն գիւղէն էր, կը բնակէր Արցախի Հանրապետութեան Հաթերք գիւղը:

«15 տարի առաջ տեղափոխուած է այստեղ, գրանցուած են մեր գիւղը: Կ'պրին այստեղ, տուն չունին, ուրիշի տունը կը մնան, նիւթապէս անապահով վիճակի մէջ են: Մօտ տասնհինգ օր առաջ եկած էր մօտս, պիտի լուծէինք իրենց սեփականութեան հարցն այս տարի»,- NEWS.am-ին յայտնած է Հաթերքի ղեկավարը՝ Վարդան Գրիգորեանը:

«2 տղայ ունի, 2 աղջիկ: Մեծը 10 տարեկան է, փոքրը՝ 3»,- նշած է համայնքի ղեկավարը՝ նշելով, որ ընտանիքը բարեկամ չունի գիւղին մէջ, իսկ Արթուրի ծնողները մահացած են:

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ 21 յունուարին՝ ժամը 13:15-ի մօտերը, ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, դժբախտ պատահարի հետեւանքով մահացած է պայմանագրային զինծառայող, 1980-ի ծնունդ Արթուր Մարտունի Նալպանտեանը: Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: