image

Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ ձիւն կը տեղայ

Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ ձիւն կը տեղայ

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 23 յունուարին, ՀՀ տարածքին եղած են փակ եւ դժուարանցանելի ճանապարհներ:

Վարդենեաց լեռնանցքը բեռնատարներու համար փակ է, իսկ մարդատարներու համար՝ դժուարանցանելի:

Սոթք-Քարվաճառ ճանապարհը բեռնատարներու համար դժուարանցանելի է, իսկ այլ տիպի փոխաադրամիջոցներու համար՝ բաց:

Սիւնիքի մարզի Գորիս-Սիսիան եւ Արագածոտնի մարզի Թալին-Ներքին Բազմաբերդ ճանապարհներուն  տեղ-տեղ առկայ է մերկասառոյց:

Երեւանի, Գեղարքունիքի մարզի Սեւան, Լոռիի մարզի Սպիտակ քաղաքներուն, Շիրակի մարզի Ախուրեանի տարածաշրջանին, Մարալիկ քաղաքին, Արագածոտնի եւ Կոտայքի մարզերուն մէջ կը տեղայ ձիւն:

Վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռային անուադողերով։