image

Արտակարգ դէպք Երեւանի մէջ. 65-ամեայ զինծառայողը անզգուշօրէն մահուան պատճառ դարձած է

Արտակարգ դէպք Երեւանի մէջ. 65-ամեայ զինծառայողը անզգուշօրէն մահուան պատճառ դարձած է

Այսօր՝ 24 յունուարին, մահուան ելքով վրաերթ տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 08։20-ի սահմաններուն 65-ամեայ Հրաչ Եթարեանը իր վարած КамАЗ մակնիշի ՊՆ համարանիշի մեքենայով թիւ 142 դպրոցի դիմաց՝ հետիոտնի համար նախատեսուած անցման վրայ, վրաերթի ենթարկած է երեխայի մը։ Այս մասին կը յայտնէ Shamshyan.com-ը:

Երեխան ծայրայեղ ծանր ախտորոշմամբ տեղափոխուած է «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոն, ուրկէ կարճ ժամանակ անց ահազանգ եղած է, որ ան, գիտակցութեան չգալով, մահացած է։

Դէպքի վայր հաւաքուածները ըսած են, որ նշուած վայրին մէջ յաճախակի տեղի կ'ունենան ճանապարհային պատահարներ ու վրաերթեր, այդ շարքին՝ ողբերգական, եւ թէ բնակիչները, թէ դպրոցի աշխատակիցները բազմիցս դիմած են Երեւանի քաղաքապետարան, ճանապարհային ոստիկանութիւն, որպէսզի նշուած վայրին մէջ տեղադրեն լուսակիր եւ արհեստական անհարթութիւն, սակայն ամէն անգամ պատասխանած են, որ այդ հարցը պէտք է լուծուի դպրոցի հաշուոյն։