Բեթղեհեմ կատարած այցի ժամանակ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը բարձրացուցած է պաղեստինցի զինուորականին գլխարկը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Ինչպէս կ'երեւի Պաղեստինի նախագահի անձնական լուսանկարիչի՝ Մահամատ Աթիկի հրապարակած տեսանիւթին մէջ, անցնելով շարքով կանգնած զինուորականներու կողքէն՝ Ռուսաստանի առաջնորդը նկատած է գետին ինկած գլխարկ:
Պետութեան ղեկավարը կանգնած է, վերցուցած է գլխարկն ու դրած այն սպայի գլխուն: Հեռանալու ժամանակ Փութինը ցոյց տուած է բութ մատը պաղեստինցի զինուորականին:
«Նախագահ Փութինի յարգանքը պաղեստինեան պահակագունդի նկատմամբ»,-տեսանիւթին կից գրառում կատարած Աթիկը:
Այցի ընթացքին Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապասի հետ Փութինը քննարկա է երկկողմանի համագործակցութեան հարցերն ու իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: