image

Էլազըղի երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասաւ 38-ի

Էլազըղի երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասաւ 38-ի

24 Յունուարին Թուրքիոյ արեւելեան Էլազըղ նահանգի մէջ տեղի ունեցած 6․8 ուժգնութեամբ երկրաշարժի զոհերու թիւը հասած է 38-ի։ Այս մասին կը յայտնէ Թուրքիոյ առոջղապահութեան հարցերով նախարար Ֆահրետին Քոճան, կը փոխանցէ Anadolu գործակալութիւնը։

Անոր խօսքով՝ հիւանդանոցներուն մէջ կան 104 տուժածներ։ Անոնցմէ 13-ը կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ։ Ընդհանուր առմամբ՝ ստորգետնեայ ցնցումներէն ետք բուժօգնութեան դիմած է 1607 մարդ, որոնց մեծ մասի մօտ առկայ եղած են ջղային խանգարումներ։

Յիշեցնենք, որ ցնցումները զգացած էին նաեւ Իսրայէլի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ։ Երկրաշարժին յաջորդած են 4 աստիճանի՝ 228 յետցնցումներ։