image

Խումբ մը ընդդիմադիր գործիչներ բերման ենթարկուեցան եւ ապա ազատ արձակուեցան

Խումբ մը  ընդդիմադիր  գործիչներ  բերման ենթարկուեցան եւ ապա  ազատ արձակուեցան

 Խումբ մը  ընդդիմադիր գործիչներ    այսօր  բերման  ենթարկուած են։

 

 

 Այս մասին տեղեկութիւնը    կը տրուի հայրենի լրատուամիջոցներու կողմէ։

 

 Բերման  ենթարկուածներու շարքին  են  VETO  նախաձեռնութեան անդամ   Նարեկ Մալեանը եւ «Աթեկվատ»   կուսակցութեան   անդամներ  Կոստանդին Տէր Նագգալեանն ու Արթուր Դանիէլեանը։

 

 Քիչ  առաջ ստացուած  տեղեկութիւններուն համաձայն    բերման  ենթարկուածներէն  ՝  Նարեկ Մալեանն ու Կոնստանդին Տէր Նագգալեանը  ազատ արձակուած են։

 

 

 Բերման  ենթարկման   մասին   ցարդ  յստակ  տեղեկութիւններ չեն  հաղորդուիր,  բացի Նարեկ Մալեանի  պարագայէն, որ կ՚ըսուի, թէ բերման ենթարկուած է ապօրինի  զէնք ու զինամթերք ունենալու    պատճառով։