image
Հրատապ լուրեր:

Ապրիլեան հերոսը կը դառնար 30 տարեկան. Այսօր Արմենակ Ուրֆանեանի ծննդեան օրն է

Ապրիլեան հերոսը կը դառնար 30 տարեկան. Այսօր Արմենակ Ուրֆանեանի ծննդեան օրն է

Գնդապետ Արմենակ Ուրֆանեանը ծնած է 28 յունուար 1990-ին, Երեւան: 1992 թուականին ընտանիքի հետ մեկնած է Ռուսաստանի Դաշնութիւն:

Ռուսաստանէն վերադառնալով` Արմենակ Ուրֆանեանն ընդունուած է ՀՀ ՊՆ Ռազմական հիմնարկ։ Ուսումնառութենէն ետք լեյտենանտ սպայական կոչում ստացած է։ Զօրքերուն մէջ անցուցած ծառայութեան հետեւանքով 26 տարեկանին ստացած է գնդապետի զինուորական կոչում ու նշանակուած վաշտի հրամանատար՝ առաջին գիծի։

2016 թուականի ապրիլին սկսած Քառօրեայ պատերազմի առաջին իսկ օրերէն եղած է Արցախի առաջնային գիծին։ Ուրֆանեանն իր հրամանատարութեան ներքոյ գործող չորրորդ հրաձգային վաշտի անձնակազմի հետ միասին երկարատեւ մարտ մղած է յանկարծակի յարձակում գործած հակառակորդի դէմ։

Հայոց բանակի հերոս սպան նկատելէ ետք, որ իրավիճակը կը վատթարանայ, իր զինուորներէն պահանջած է հեռանալ դէպքի վայրէն ու առանձին շարունակած է կռիւը մինչեւ նահատակութիւն:

Գնդապետ Արմենակ Ուրֆանեանը 6 ապրիլ 2016-ին յուղարկաւորուած է Եռաբլուր։

Դիրքերուն, ուր հերոսաբար ինկած են Արմենակ Ուրֆանեանը, Ռոպերթ Ապաճեանը, Քեարամ Սլոյեանը եւ Անդրանիկ Զոհրապեանը, ի յիշատակ հերոս հայ սպայի եւ իր զինուորներու, 30 յունիս 2016թ-ին տեղադրուած է յուշաքար Կարմիրի երկրապահներու կամաւորական ջոկատի կողմէ։