image
Հրատապ լուրեր:

«Ինծի ուժ տուողը մեր ժողովուրդն է»Արթուր Ալեքսանեանը վերադարձաւ

«Ինծի ուժ տուողը մեր ժողովուրդն է»Արթուր Ալեքսանեանը վերադարձաւ

Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ կայացած Եւրոպայի առաջնութեան 5-րդ ախոյեանական տիտղոսը նուաճած ողիմպիական ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը (97 քկ) վերադարձած է հայրենիք։ Բազմաթիւ երկրպագուներ դիմաւորած են աշխարհի եռակի ախոյեանը «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ։

«Վնասուածքէն ետք առաջին լուրջ մրցաշարն էր։ Շատ կարեւոր է, որ յանկարծ վնասուածքը չկրկնուի։ Լաւ մարզավիճակի մէջ էի, ինձ լաւ կը զգայի։ Յոյս ունիմ, որ Ողիմպիական խաղերուն աւելի լաւ մարզավիճակով կ'ըլլամ, աւելցնելու տեղ կայ։ Պիտի շարունակենք աշխատանքը։ Ամենակարեւորը առանց վնասուածքներու մօտենամ Ողիմպիական խաղերուն, մնացածը լաւ կ'ըլլայ։

Բոլոր գօտեմարտերն ալ մէկ շունչով անցան մինչեւ եզրափակիչ։ Իմ հիմնական մրցակիցները բոլորն ալ՝ աշխարհի ու Եւրոպայի մրցանակակիրներ էին։ Եզրափակիչին՝ ինչպէս մարզիչներու հետ որոշած էինք, այդպէս ալ ըրի։

Մինչեւ Ողիմպիական խաղեր, հաւաքներէն բացի, հնարաւոր է՝ մէկ մրցաշարի մասնակցիմ։

Բոլոր հնարաւոր տիտղոսները ունիմ, բայց ինծի ժողովուրդն է ուժ տուողը, այսքան մարդ եկած է դիմաւորելու, ուրախացած են, անոնք են ինծի քաջալերողը։

Ուղեգիրն արդէն ունիմ, վարկանշային մրցաշարքերէն ազատ եմ։ Հիմա պիտի հանգստանամ եւ աւելի հանգիստ պիտի պատրաստուիմ Ողիմպիական խաղերուն»,- նշած է Արթուր Ալեքսանեանը։

Յիշեցնենք, որ Եւրոպայի առաջնութեան եզրափակիչ գօտեմարտին գիւմրեցի ըմբիշը 7:1 հաշուով յաղթած է Իտալիան ներկայացնող Նիքոլոս Քախելաշվիլիին: