image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա.Պղծած են վերջերս մահացած Կաթողիկէ քրիստոնեայի մը շիրիմը

Թուրքիա.Պղծած են վերջերս մահացած Կաթողիկէ քրիստոնեայի մը շիրիմը

Տրապիզոնի Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ գերեզմանատան մէջ նոր թաղուած հանգուցեալի գերեզման պղծուած է:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս»–ը, Տրապիզոն ապրող կաթողիկէ քրիստոնեայ Զեհրա Չոլաքը մահացած էր 17 յունուարին եւ թաղուած էր արդէն՝ 18–ին, Սանթա Մարիա եկեղեցիէն 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող քրիստոնեաներու գերեզմանատան մէջ:

14 Փետրուարին Չոլաքի գերեզման այցելած անոր կինը գերեզմանը պղծուած յայտնաբերած է: