image
Հրատապ լուրեր:

Չինաստանի մէջ. Մահապատիժ «Քորոնա» ժահրը «պահողներուն»

Չինաստանի մէջ. Մահապատիժ «Քորոնա» ժահրը «պահողներուն»

Չինաստանի մէջ կրնան մահապատիժի ենթարկուիլ COVID-19 նոր «քորոնա» ժահրի ախտանշանները դիտաւորեալ թաքցնելու կամ հիւանդի վիճակի մասին տեղեկութիւններն աղաւաղելու համար: Այս մասին նշուած է շաբաթ՝ 15 փետրուարին հրապարակուած չինական դատարանի յայտարարութեան մէջ, կը յայտնէ DW-ն: 

Ճանապարհորդութիւններու պատմութիւնը թաքցնելը նոյնպէս կրնայ քրէական յանցագործութիւն համարուիլ:  Մարդը, որ դարձած է վարակի աղբիւր եւ յանգեցուցած է ժահրի տարածման, կը մեղադրուի հանրային անվտանգութեան սպառնալիք ստեղծելու մէջ: Ան կրնայ դատապարտուիլ 10-ամեայ կամ ցմահ բանտարկութեան, կամ մահապատիժի:

Չինաստանի առողջապահութեան ազգային յանձնաժողովը 15 փետրուարին հազացող, ջերմութեամբ կամ վարակային հիւանդութեան այլ ախտանշաններով բնակիչներուն արգիլած է երկրին մէջ տեղաշարժիլ հանրակառքերով, գնացքներով եւ օդանաւերով: Ատկէ բացի, տօներէն ետք համաճարակի օճախի գօտիէն տուն վերադարձող բոլոր քաղաքացիները պէտք է 14 օր տունը մնան կամ բժիշկներու հսկողութեան տակ, իսկ անոնք, որոնք քարանթինէն կը հրաժարին, կը պատժուին:

Չինաստանի մէջ իշխանութիւններու կողմէ ամանորեայ տօներու երկարաձգումէն ետք շատ արտադրութիւններ չեն բացուած: Չինաստանի տեղափոխութեան փոխնախարար Լիւ Սեաոմինը յայտնած է, որ երկրի մէջ ուղեւորութիւններու թիւը կը կազմէ նորմալ ծաւալի հինգերորդ մասը: Պաշտօնական վերջին տեղեկութիւններով՝ Չինաստանի մայրցամաքային մասին մէջ վարակի հետեւանքով մահացած է մօտ 1500 մարդ, վարակուած է աւելի քան 66 հազար մարդ: