image

Անգարայի մէջ. Պղծած են քրիստոնեաներու շիրիմները

Անգարայի մէջ. Պղծած են քրիստոնեաներու շիրիմները

Քանդիչներ պղծած են Անգարայի մէջ Օրթաքէօ գերեզմանատան 20 քրիստոնեաներու, այդ շարքին՝ Ռուսաստանէն գաղթածներու գերեզմանները, կը հաղորդէ Hurriyet թերթը:

Պարբերականի տեղեկութիւններով՝ գերեզման պղծողները վեց դեռահասներ են: Անոնք տապալած են յուշաքարերը եւ կոտրած: Յուշաքարերուն վրայ եղած են ռուսական ազգանուններ: Ընդհանուր առմամբ գերեզմանատան մէջ, ուր թաղուած են ոչ իսլամներ, կայ 72 գերեզման:

Քանդիչները բերման ենթարկած է գերեզմանատան պահպանութեան ծառայութիւնը, այնուհետեւ հարցաքննած է ոստիկանութիւնը, որմէ ետք անոնք ազատ արձակուած են: Կը հաղորդուի, որ այժմ անոնք պէտք է փոխհատուցեն հասցուած վնասը հանգուցեալներու բարեկամներուն:

Աւելի վաղ Sputnik Թուրքիային տուած հարցազրոյցին մէջ Անգարայի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Ալեքսէյ Երխովը յայտարարած է, որ սուրիական Իտլիպի մէջ իրավճակի սրումն առաջացուցած է հակառուսական քարոզչութիւն թրքական ընկերային ցանցերու մէջ, ան նաեւ յայտնած է իր հասցէին հնչած սպառնալիքի մասին: