Ամուլսարը հայրենիք է եւ որեւէ թոյլտւութիւն ստորադաս է անոր շուրջ։ Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է Ամուլսարի պաշտպան Շիրակ Բունիաթեանը։
«Ականջիս ծայրով լսեցի, որ հոգեվարքի մէջ գտնուող «Լիտիանին» Արփա գետէն ջրօգտագործման թոյլտւութիւն տրամադրուած է:
Յարգելիներս, անհոգ եղէք, այնպէս չի, որ ժողովուրդը յոյսը դրած էր անոր վրայ, որ «Լիտիանը» ջրօգտագործման թոյլտւութիւն չունի եւ այդ երաշխիք է։
«Լիտիանը» այն ժամանակ ալ ջրօգտագործման պատշաճ թոյլտւութիւն չունէր, բայց կը տնօրինէր մեծ միջոցներու եւ յօշոտէր Ամուլսարը։
Ամուլսարի տարածքին շինարարութիւնը կասեցուած է ոչ թէ կառավարութեան կողմէ եւ կամ անոր համար, որ «Լիտիանը» ջրօգտագործման թոյլտւութիւն չունի, այլ կասեցուած է ժողովուրդի կողմէ, որ իրականութեան մէջ թքած ունի «Լիտիանի» բոլոր թոյլտւութիւններու վրայ եւ կը կարեւորէ ոչ թէ ժամանակաւոր շահը, այլ երկրի հարատեւ, կայուն եւ անվտանգ զարգացումը։
Ամուլսարի մէջ հանքարդիւնաբերութեան էջը վաղուց փակուած է եւ վերջ։
Ամուլսարը հայրենիք է եւ որեւէ թոյլտւութիւն ստորադաս է անոր շուրջ»,-նշած է ան։