image

Հալէպի մէջ. «Մի բուռ ժպիտ» Ազգային պատսպարանի սաներուն

Հալէպի մէջ. «Մի բուռ ժպիտ» Ազգային պատսպարանի սաներուն

Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն կատարող խումբի մասնագէտները Հալէպի Ազգային պատսպարանի սաներուն փոխանցած են «Մի բուռ ժպիտ» խորագիրը կրող նախաձեռնութեան կողմէ հաւաքուած նուէրներուն մէկ մասը։ Այս մասին կը հաղորդէ Մարդասիրական Ականազերծման եւ Փորձագիտական կեդրոնի ֆէսպուքեան էջը։

Ըստ աղբիւրին՝ փոքրիկները ուրախութեամբ ընդունած են նուէրները։

Ազգային պատսպարանի աշխատակազմը երախտագիտութիւն յայտնած է Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնին ու ծրագիրի բոլոր մասնակիցներուն։ Նուիրատու կողմը տեղեկացուցած է, որ շուտով պիտի հասնի նաեւ նուէրներու երկրորդ բաժինը։