image

Հայաստանի մէջ յառաջիկայ օրերուն եղանակը պիտի տաքնայ 3-5 աստիճանով

Հայաստանի մէջ յառաջիկայ օրերուն եղանակը պիտի տաքնայ 3-5 աստիճանով

Հայաստանի տարածքին 22 փետրուարի ցերեկը, 23-24-ը, 26-27-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ 25 Փետրուարին շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուին տեղումներ, լեռնային եւ նախալեռնային շրջաններու մէջ ձիւն, հովտային գօտիին վրայ՝ անձրեւի տեսքով: Քամին՝ արեւմտեան՝ 3-8 մ/վ:
Օդի ջերմաստիճանը 22-23 փետրուարի ցերեկն աստիճանաբար պիտի բարձրանայ 3-5 աստիճանով:

Երեւանի մէջ 22 փետրուարի ցերեկը, 23-24-ը, 26-27-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։  25 Փետրուարին կը սպասուին տեղումներ, բարձրադիր գօտիին վրայ թաց ձիւն, ցածրադիր գօտիին՝ անձրեւ: