ՀՀ առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի ղեկավար Յակոբ Աւագեանի յանձնարարութեամբ աշխատանքային խումբ գործուղուած է Մեղրիի բժշկական հսկիչ կէտ` հետեւելու սահմանին զօրացուած ռեժիմով վերահսկողական աշխատանքներու ընթացքին։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի ֆեյսպուքեան էջը:
Այս ընթացքին Մեղրիի հսկիչ կէտին մէջ որեւէ մէկուն մօտ բարձր ջերմութիւն եւ վարակիչ հիւանդութեան բնորոշ ախտանշաններ չեն արձանագրուած։