Թուրքիոյ ճամբորդական ընկերութիւններու միութիւնը (TURSAB) զգալի բարձրացուցած է Թուրքիոյ թանգարաններու ու պատմամշակութային վայրերու մուտքի տոմսերու գիները։
Ինչպէս կը տեղեկացնէ TURSAB–ը, լրջօրէն բարձրացած են քրիստոնեաներուն ու յատկապէս հայերիուն հետաքրքրող վայրերու մուտքի տոմսերը։ Օրինակ Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիայի եկեղեցի մուտքի տոմսը 72 լիրայէն բարձրացած է 100–ի, Վանի Աղթամար կղզիի մուտքի տոմսը 10–էն դարձած է 25 լիրա, Անիի աւերակներու մուտքի տոմսը 15 լիրա։