image

«Քորոնա»ի Տագնապ. Աշխարհի մէջ վարակուածներու թիւը անցաւ 600 հազարը. Worldmeter

«Քորոնա»ի Տագնապ. Աշխարհի մէջ վարակուածներու թիւը անցաւ 600 հազարը. Worldmeter

Նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած հիւանդութենէն մահացածներու թիւն ամբողջ աշխարհի մէջ գերազանցած է 600 000-ը: Այդ մասին կը վկայեն worldometer առցանց թարմացուող կայքի տուեալները։

«Քորոնա» ժահրէն մահացածներու թիւը հասած է 27 417-ի, ապաքինուածներունը՝ 133 426-ի:

Մահացութեան ցուցանիշով առաջին տեղը կը զբաղցնէ Իտալիան, ուր մահուան ելքով դէպքերը հասած են 9134-ի: Անոր կը յաջորդէ Սպանիան՝ 5138 մահուան դէպքով։

Այնուհետեւ Չինաստանն է (3295), ուր վերջին օրերուն վարակման 54 նոր դէպք գրանցուած է։

Միւս ամենատուժած երկիրն Իրանն է, ուր հիւանդութիւնը 2378 մարդու կեանք խլած է: 

Վարակակիրներու թիւով առաջատար երկիրներէն են նաեւ ԱՄՆ-ն, Գերմանիան, Ֆրանսան, Զուիցերիան, Հարաւային Քորէան եւ Միացեալ Թագաւորութիւնը:

Համաճարակի օճախ Չինաստանի սահմաններէն դուրս վարակը տարածուած է 170 երկրի մէջ: