image

Համաճարակը աւարտած է.Չինաստանի իշխանութիւններ

Համաճարակը աւարտած է.Չինաստանի իշխանութիւններ

Չինաստանի իշխանութիւնները յայտարարած են երկրի մէջ «Քկորոնա» ժահրի համաճարակի աւարտի մասին։ Այդ մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Չինաստանի առողջապահական հարցերով պետական յանձնաժողովի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մի Ֆեն, կը փոխանցէ РИА Новости-ն։

Ֆենը յստակեցուցած է, որ 28 մարտի դրութեամբ` երկրին մէջ վարակի հաստատուած դէպքերու թիւը 3000-էն քիչ է։ Այդպիսով՝ վարակի տարածումը Չինաստանի մէջ յաջողուած է կանգնեցնել։

Ճոն Հոփքինսի համալսարանի վերջին տուեալներով՝ Չինաստանի մէջ վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը գերազանցէ 82.000-ը․ անոնցմէ 75.5 հազարն ապաքինուած է, 3300-ը՝ մահացած։ Այժմ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւով առաջատարն ԱՄՆ-ն  է․ այնտեղ վարակուածներու թիւը կը գերազանցէ 125 000-ը։