image
Հրատապ լուրեր:

Տոլարը կը շարունակէ սղիլ

Տոլարը կը շարունակէ սղիլ

Ամերիկայի միացեալ Նահանգներու տոլարի փոխարժէքը 1 ապրիլին, կազմած է 504.96 դրամ, նախորդ օրուայ համեմատ աճած է 0.49 դրամով: Այս մասին կը տեղեկացնէ Կեդրոնական դրամատան պաշտօնական կայքը։

Եւրոյի փոխարժէքը կազմած է 552.07 դրամ (նուազած է 1.38 դրամով), բրիտանական ֆունտի փոխարժէքը կազմած է 624.08 դրամ (աճած է 1.72 դրամով), իսկ ռուսական ռուբլիի փոխարժէքը կազմած է 6.40 դրամ (նուազած է 0.06 դրամով)։

Թանկարժէք մետաղներու համար դրամատան կողմէն սահմանուած են հետեւեալ գիները. արծաթ՝  226.15 դրամ, ոսկի՝  26,121.04 դրամ, փլաթին՝(լսնոսկի)  11,802.73 դրամ:

Աղբիւրը՝ News.am