image

Վայոց Ձոր. «Քորոնա» վարակի նոր դէպք գրանցուած է

Վայոց  Ձոր. «Քորոնա» վարակի նոր դէպք  գրանցուած է

Նոր «Քորոնա» ժահրով վարակուածութեան դէպք հաստատուած է Վայոց ձորի մարզին մէջ։ Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է Վայոց Ձորի մարզպետ Արարատ Գրիգորեանը։

«Նոր «Քորոնա» ժահրով վարակուածութեան դէպք հաստատուած է Վայոց ձորի մարզին մէջ:

«Քորոնա» ժահրով վարակուած մեր հայրենակիցը գտնուած է քարանթինային ռեժիմի մէջ դեռ 20 օր առաջ եւ մարզի տարածքին որեւէ մէկու հետ շփում չէ ունեցած: Ուստի կը յորդորեմ խուճապի չմատնուիլ, պահպանել հանգստութիւն:

Կը խնդրեմ խստօրէն պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւն ռեժիմով պայմանաւորուած ՀՀ Պարէտի 31 մարտի 2020 N27 որոշմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ տարածքին կիրառուող սահմանափակումներու պահանջները:

Յարգելինե՛րս, մնացէք տունը, պահպանեցէք Ձեր եւ Ձեր հարազատներու առողջութիւնը:

Առողջութիւն բոլորիդ»,- գրած է ան։