image

Բժշկական պարագաներ՝ Արցախին

Բժշկական պարագաներ՝ Արցախին

Արցախի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգելման նպատակով Հայաստանի մէջ գործող «Յանուն հայ զինուորի» հասարակական կազմակերպութիւնն ու «Armenian Wounded Heroes Fund» հիմնադրամը համատեղ նախաձեռնութեամբ Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրած են բժշկական պարագաներ:

«Արցախբրես»-ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ «Յանուն հայ զինուորի» ՀԿ նախագահ Դաւիթ Թորոսեանն ըսած է, որ ծրագրի շրջանակէն ներս տրամադրած են 87 հատ բարձրորակ պաշտպանիչ բժշկական արտահագուստ (քոմպինեզոն), 100 հատ յատուկ պաշտպանիչ ակնոց եւ 100 սաղաւարտ, 10 հատ սրսկիչ, ինչպէս նաեւ դիմակներ եւ ձեռնոցներ:

«Մենք կը կարեւորենք այս ծրագրի իրականացումը, եւ, Արցախի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի (COVID-19) տարածման կանխարգելման ու անհրաժեշտ այլ գործողութիւններու մեծածաւալ բնոյթէն ելլելով, չենք բացառեր, որ յառաջիկային կրկին հանդէս գանք նման նախաձեռնութեամբ»,- նշած է Դ. Թորոսեանը:


На изображении может находиться: 1 человек, стоит и на улице
Нет описания фото.