image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ «Քորոնա» վարակի գոյութեան մասին գրառումները կեղծ են

Արցախի մէջ «Քորոնա»  վարակի գոյութեան մասին գրառումները կեղծ են

Արցախի տեղեկատուական շտաբը յայտարարութիւն տարածած է՝ նշելով.

«Վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու որոշ օգտատէրեր Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրի վարակի առկայութեան, տարածման, անոր թիւի վերաբերեալ այնպիսի գրառումներ կատարած են, որոնց փաստական տուեալներու ստուգման անհրաժեշտութիւն առաջացած է:

Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը, իրականացուցած աշխատանքներու հետեւանքով, պարզած է, որ քաղաքացիները զուտ անհատական կարծիք արտայայտած են, այդ լուրերը փաստական որեւէ հիմք չեն ունեցած, ըստ այդմ՝ չեն համապատասխաներ իրականութեան: Որպէս արդիւնք, վերոնշեալ անձինք, կեղծ լուրերու տարածումէն զերծ մնալու նպատակով, գրառումները հեռացուցած են:

Անգամ մը եւս կոչ կ'ընենք մեր քաղաքացիներուն՝ կեղծ, իրականութեան չհամապատասխանող տեղեկութիւններ չհրապարակելու եւ հետեւելու պաշտօնական լրահոսին»: