Կրակոցներ հնչած են Երեւանի մէջ:
Shamshyaan.com-ի հաղորդմամբ Շենգաւիթ վարչական շրջանի Եղբայրութեան փողոցէն հրազէնային վնասուածքներով Երեւանի 1-03 շտապօգնութեան բժիշկներու հերթապահ խումբը «Աստղիկ» բժշկական կեդրոն տեղափոխած է մօտ 40 տարեկան տղամարդ, որ կը գտնուի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ:
Դէպքի վայրին մէջ ոստիկաններն ու քննիչները յայտնաբերած են պարկուճ եւ գնդակ: Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ տղամարդուն վրայ կրակած են ատրճանակէն:
Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը կը պարզեն վիրաւորի ինքնութիւնն ու դէպքի հանգամանքները: