image

Մոսկուա. Մահացած է հանրայայտ բնագէտ՝ Միշիկ Ղազարեանը

Մոսկուա. Մահացած է հանրայայտ բնագէտ՝ Միշիկ Ղազարեանը

Այսօր Մոսկուայի «Նովոմոսկովսկի» բժշկական կեդրոնին մէջ մահացած է յայտնի բնագէտ (ֆիզիկոս), փրոֆեսըր Միշիկ Ղազարեանը։ Քանի մը օր առաջ նոյն հիւանդանոցին մէջ մահացած էր նաեւ անոր կինը՝ համաճարակաբան, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, Ի. Սեչենյովի անուան համալսարանի փրոֆեսըր Արփիկ Հասրաթեանը, որուն մօտ «Քորոնա» ժահր ախտորոշուած էր։

«Московский Комсомолец»-ի հաղորդմամբ, ամուսինները հիւանդանոց տեղափոխուած էին գրեթէ միաժամանակ՝ մարտի կէսերուն։ Անոնք չեն շփուած «Քորոնա» ժահրով վարակուած որեւէ անձի հետ, արտասահման չեն եղած։ Այդուհանդերձ, կնոջ քննութիւնը դրական եղած է, եւ Հասրաթեանը մահացած է 26 մարտին։

Բժիշկները շարունակած են պայքարիլ Ղազարեանի կեանքի համար, սակայն անոր մօտ երկկողմանի թոքաբորբ զարգացած է, եւ չեն յաջողած փրկել անոր կեանքը:

Վերջին տուեալներով, Ռուսաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը 6343 է, մահերու թիւը՝ 47։