image
Հրատապ լուրեր:

Վաքըֆլը. Իր դռները պիտի բանայ «Մուսալեռ» թանգարանը

Վաքըֆլը. Իր  դռները  պիտի բանայ «Մուսալեռ» թանգարանը

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան պատգամաւոր Հիւսէին Եայման այցելեած է երկրի միակ ու վերջին հայկական գիւղը համարուող Վաքըֆ, որ կը գտնուի այսօրուան Թուրքիոյ Հաթայ (Ալեքսանդրետ) նահանգի Սամանտաղ գաւառին մէջ: Պատգամաւորը գտնուած է նաեւ Վաքըֆի մէջ կառուցուած Մուսալեռ թանգարանին մէջ: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ Medyahatay.com լրատուական կայքը:

Աղբիւրին համաձայն` թանգարան այցելած պատգամաւորը յայտնած է, որ եթէ «Քորոնա» համաճարակի հետ կապուած վիճակը բարելաւուի, ապա Մուսալեռ թանգարանը այս տարուան Յունիսէն դռները պիտի բանայ այցելուներու առաջ:

Եայման նշած է․ «Թուրքիոյ վերջին հայկական գիւղին` Հաթայի Վաքըֆի մէջ, գտնուող Մուսալեռ թանգարանը պատրաստ է այցելութեան համար: Սակայն «Քորոնա» համաճարակի հետեւանքով թանգարանի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ այս տարեվերջին կամ 2021 թուականին: Բայց եւ այնպէս, եթէ համավարակի հետ կապուած վիճակը կայունանայ, ապա թանգարանը այցելուներու համար բաց պիտի ըլլայ արդէն այս տարուան Յունիսէն»:

Թուրք պատգամաւորը նաեւ որոշ տեղեկութիւններ հաղորդած է թանգարանի վերաբերեալ` մասնաւորապէս յայտնելով, որ բոլոր ցուցատախտակները պատրաստուած են թրքերէնով ու հայերէնով:

Թարգմանեց Մելինէ Անումեանը