image
Հրատապ լուրեր:

Իրան կը վերաբացաւ պատմամշակութային վայրերը

Իրան կը վերաբացաւ պատմամշակութային վայրերը

Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին յայտնած է երկրի մէջ թանգարանները եւ կրօնական հաստատութիւնները բանալու մտադրութեան մասին։ Անոնք փակուած էին «Քորոնա» ժահրի տարծումը կանխելու նպատակով։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն։

Նախագահը տեղեկացուցած է, որ կրօնական հաստատութիւններու հետ կապուած որոշումը պիտի ընդունուի յաջորդ շաբաթ։ Ինչ կը վերաբերի թանգարաններուն եւ պատմամշակութային վայրերուն, ապա բացումը պիտի սկսի 24 մայիսէն։

Աւելի վաղ համապատասխան գերատեսչութիւնը տեղեկացուցած էր, որ նախպատրաստական աշխատանքներ կը տանին պատմամշակութային վայրերու մէջ այցելուները ընդունելու համար։

Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը 131 հազար 652 է, մահերունը՝ 7 հազար 300։