image

Հանրակառքի կանգառներուն մէջ դիմակը՝ պարտադիր

Հանրակառքի կանգառներուն մէջ դիմակը՝  պարտադիր

Պարէտի՝ 2020 թուականի 3 մայիսի «Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ տարածքին կիրառուող ժամանակաւոր սահմանափակումներու վերաբերեալ» N 63 որոշման կատարուած են հետեւեալ լրացումները եւ փոփոխութիւնները.

«1) Որոշման 5-րդ կէտը շարադրել հետեւեալ խմբագրութեամբ.

 «Սահմանել, որ ՀՀ տարածքին պարտադիր է հանրային բաց վայրերու մէջ դիմակի առկայութիւնը, իսկ անձնական օգտագործման մարդատար եւ բեռնատար փոխադրամիջոցներուն մէջ՝ դիմակ կրելը, եթէ վարորդէն բացի մեքենային մէջ առկայ է առնուազն մէկ ուղեւոր: Հանրային փոխադրամիջոցի պարագային կը գործեն յաւելուած N 13-ով սահմանուած կանոնները»:

2) Որոշման Յաւելուած N 6-ի նախաբանին մէջ 1-ին պարբերութենէն ետք աւելցնել 2- րդ պարբերութիւնը հետեւեալ բովանդակութեամբ.

«Սոյն Յաւելուածով սահմանուած կանոնները կը տարածուին «Առեւտուրի եւ ծառայութիւններու մասին» 2004 թուականի 24 նոյեմբերի ՀՀ օրէնքով սահմանուած հասկացութիւններու վրայ, մասնաւորապէս՝ առեւտուրի կեդրինի, սպառողական ապրանքներու շուկայի, գիւղատնտեսական արտադրանքի շուկայի, կենդանիներու շուկայի, շրջիկ առեւտուրի կէտերու, հեղուկ վառելիքի, սեղմուած բնական կամ հեղուկացուած նաւթային կազերու մանրածախ առեւտուրի կէտի, շրջածախ առեւտուրի, բացօթեայ առեւտուրի, առեւտուրի իրականացման վայրի, առեւտուրի կեդրոնի, տօնավաճառի (վերնիսաժի), առեւտուրի իրականացման վայրի վաճառատեղի, խանութի, կրպակի, վաճառատեղի (վաճառասեղանի) վրայ»:

3) Որոշման Յաւելուած N 6-ի 4-րդ կէտի 1-ին ենթակէտը շարադրել հետեւեալ խմբագրութեամբ.

«Կ'արգիլուի առանց անհատական պաշտպանութեան միջոցներու՝ դիմակի եւ ձեռնոցներու յաճախորդներու մուտքը առեւտուրի տարածք եւ անոնց սպասարկումը:»:

4) Որոշման Յաւելուած N 10-ի 4-րդ կէտը լրացնելով 7-րդ ենթակէտով հետեւեալ խմբագրութեամբ. «Յաճախորդները բոլոր հնարաւոր պարագաներուն պարտադիր կը կրեն դիմակ»:

5) Որոշման Յաւելուած N 13-ի «Կանոնաւոր եւ ոչ կանոնաւոր ուղեւորափոխադրումներ» բաժնին մէջ 5-րդ կէտի 1-ին ենթակէտը շարադրել հետեւեալ խմբագրութեամբ. «Պարտադիր է կանգառին մէջ դիմակ կրելը: Կը բացառուի ուղեւորներու նստեցումը եւ փոխադրամիջոցի սրահին մէջ ուղեւորներու առկայութիւնն՝ առանց անոնց կողմէ անհատական պաշտպանութեան միջոցներու: դիմակ եւ ձեռնոց կրելու»:

6) Որոշման Յաւելուած N 14-ի 2-րդ կէտը շարադրել հետեւեալ խմբագրութեամբ՝ «Բոլոր աշխատակիցները աշխատավայրին մէջ եւ անկէ դուրս իրենց աշխատանքային պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ պարտադիր կերպով կը կրեն դիմակ:»

2. Սոյն որոշումն ուժի մէջ կը մտնէ 2020 թուականի 25 մայիսին՝ ժամը 23:59-ին»: