image
Հրատապ լուրեր:

Իրան-Հայաստան ելեկտրահաղորդման 3-րդ գիծը շուտով

Իրան-Հայաստան ելեկտրահաղորդման 3-րդ գիծը  շուտով

Իրանի հետ համագործակցութեան խորացումը Հայաստանի համար ունի բացառիկ նշանակութիւն: Երկու երկիրները յատկապէս փոխշահաւէտ համագործակցութիւն կը ծաւալեն ուժանիւթի ոլորտին մէջ: ԵԱՏՄ-ի շրջածիրէն ներս եւս համագործակցութեան մեծ հնարաւորութիւններ կան: Իրանի հետ առեւտրային կապերը խորացնելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարանցման հնարաւորութիւնները մեծցնելու նպատակով ՀՀ կառավարութիւնը վերջին երկու տարուան ընթացքին նշանակալի աշխատանքներ կատարած է: Մասնաւորապէս 2019-ին վերանորոգուած են Իրանին եւ Վրաստանին կապող միջպետական ճանապարհները, ներկայիս այդ գործընթացը կը շարունակուի: Առաջիկային կը նախատեսուի արդիականացնել Մեղրիի անցակէտը, ինչպէս նաեւ շահագործել ելեկտրահաղորդման 3-րդ գիծը, որուն շնորհիւ պիտի աւելնան Իրանէն ներկրուող կազի ծաւալները:

27 Մայիսին ՀՀ Ազգային ժողովէն ներս կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար, Հայաստանի եւ Իրանի միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի հայկական կողմի նախագահ Սուրէն Պապիկեանն անդրադարձած է Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ իրականացուող խոշոր նախագիծերէն մէկուն՝ Իրան-Հայաստան ելեկտրահաղորդման 3-րդ գիծի շինարարութեան:

«Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Կարէն Համբարձումեանի հարցին ի պատասխան՝ Սուէեն Պապիկեանը նշած է. ««Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած շուրջ երեք ամիս Իրանի մեր գործընկերները չէին կրնար գալ Հայաստան, որ կապուած էր ինչպէս Իրանի, այնպէս ալ Հայաստանի կողմէ կիրառուող սահմանափակումներու հետ: Բայց ընկերութեան ծրագրի տնօրէնը արդէն Հայաստան է, 1 յունիսին Հայաստան պիտի այցելէ եւս 5 ճարտարապետ: Կը նախատեսուի, որ երկու շաբթուան ընթացքին ամբողջ խումբը՝ շուրջ 60 հոգի արդէն այստեղ ելլան, եւ շինարարութեան աշխատանքները վերսկսին: Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ նաեւ չեղարկուած են մեր գործընկերներու վիզայի հետ կապուած բոլոր վճարները»: