image

Վետի շրջանի դատարանին մէջ «Քորոնա»ի դէպքեր

Վետի շրջանի դատարանին մէջ «Քորոնա»ի դէպքեր

Արարատի եւ Վայոց Ձորի մարզերու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Վետիի նստավայրին մէջ «Քորոնա» ժահրի 6 դէպք հաստատուած է, եւս երեք դէպք ալ հաստատուած է Վճռաբեկ դատարանի մէջ: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Դատական բաժանմունքի ղեկավար Կարէն Փօլատեանը։

«Թէ´ Վետիի դատարանի, թէ´ Վճռաբեկ դատարանի վարակուած աշխատակիցները մեկուսացուած են, յայտնաբերուած եւ մեկուսացուած է անոնց հետ շփուած անձանց շրջանակը»,- ըսած է Փօլատեանը՝ աւելցելով, որ վարակակիրները դատաւորներ չեն: