image

Յունաստանը դանդաղ քայլերով կը վերահաստատէ օդային կապը այլ երկիրներու հետ

Յունաստանը դանդաղ քայլերով կը վերահաստատէ օդային կապը այլ երկիրներու  հետ

Յունաստանը 15 յունիսէն պիտի թոյլատրէ 29 երկիրներէ զբօսաշրջիկներու մուտքը երկիր, կը հաղորդէ Reuters-ը:

Այդ երկիրներն են՝ Գերմանիա, Աւստրիա, Դանիա, Նորվեկիա, Կիպրոս, Իսրայէլ, Զուիցերիա, Ճափոն, Մալթա, Պուլկարիա, Չինաստան, Խորվաթիա, Աւստրալիա, Նոր Զելանտա, Հիւսիսային Մակեդոնիա, Ալպանիա, Էսթոնիա, Լաթվիա, Լիբանան, Լիտթա, Հունգարիա, Հարաւային Քորէա, Սերպիա, Չերնոկորիա, Ռումինիա, Սլովենիա, Սլովաքիա, Չեխիա եւ Ֆինլանտա:

Յունաստանի զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ բոլոր այցելուները պիտի ստուգուին, իսկ կառավարութիւնը պիտի հետեւի եւ գնահատէ «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած վիճակը: Երկիրներու ցուցակը պիտի թարմացուի մինչեւ 1 յուլիսը:

Յունաստանի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 3000 դէպք, որ ցած ցուցանիշ է՝ համեմատած Եւրոմիութեան այլ երկիրներու հետ: