image

Ծանր դէպքերն աւելցած են. Մեզի կը դիմեն ընտանիքներով. Բժիշկ

Ծանր դէպքերն աւելցած են. Մեզի կը դիմեն ընտանիքներով. Բժիշկ

Վերջին շրջանին, բնակչութեան մէջ կը նկատուի ոչ միայն դէպքերու բազմացում, այլեւ ծանր դէպքերու աւելացում, մարդիկ կը դիմեն ընտանիքներով։  Այս մասին 30 մայիսին, պարէտատան նիստէն յետոյ ամփոփման ժամանակ ըսաւ Երեւանի թիւ 13 դարմանատան տնօրէն Ռուզաննա Տուրկարեան:

«Եթէ մէկ ընտանիքէն մէկ կամ երկու դէպք կ'ունենայինք, հիմա եթէ ընտանիքին մէջ 6 անձ կայ, 6-ն ալ ախտանիշներով կը դիմեն դարմանատուն եւ կը հաստատուի «Քորոնա» ժահրը»,- յայտնեց բժիշկը։

Դարմանատան տնօրէնի խօսքով՝ իրենց հսկողութեան տակ կը գտնուի  50 մարդ, կան նաեւ ծանր վիճակի մէջ գտնուողներ։

Ռուզաննա Տուրկարեան յայտնեց, որ դրական դէպքերը կը հսկուին տեղամասային ներքին հիւանդութիւններու մասնագէտի կողմէ, անընդհատ կապ կը հաստատէ հեռախօսազանգերու միջոցով եւ անհրաժեշտութեան պարագային,  կ'այցելէ տունը։

«Եթէ վատթարանայ հիւանդի վիճակը, ան կը տեղափոխուի հիւանդանոց»,- նշեց Տուրկարեան։