image

Յատուկ չուերթ Հնդկաստանէն՝ Հայաստան. Տեղափոխուած է 23 ՀՀ քաղաքացի

Յատուկ  չուերթ  Հնդկաստանէն՝ Հայաստան. Տեղափոխուած է  23  ՀՀ  քաղաքացի

Աշխարհի մէջ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի լայնածաւալ տարածման կանխարգիլման գործով, օտար պետութիւններ գտնուող ՀՀ քաղաքացիներուն օգնութիւն ցուցաբերելու եւ հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ կատարուող գործողութիւններու ծիրէն ներս, ՀՀ Արտաքին գործոց Նախարարութիւնը Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպանութեան եւ Հնդկաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ համագործակցութեամբ, 29 մայիսին, Հնդկաստանի կառավարութեան կողմէ առեւտրական հիմունքներով կազմակերպուած է Տելհի-Երեւան յատուկ չուերթ:

«Յատուկ չուերթով Հայաստան տեղափոխուած են Հնդկաստան գտնուող Հայաստանի 23 քաղաքացիներ, իսկ Հայաստանէն Հնդկաստան տեղափոխուած են Հայաստան գտնուող 130 հնդիկ ուսանողներ:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Հնդկաստանի գործընկերներուն, ցուցաբերած աջակցութեան համար»,- ըսուած է ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ֆէյսպուքեան էջին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ: