image

Նուպարաշէնի հոգեկան առողջութեան կեդրոնին մէջ՝ վարակակիրներ

Նուպարաշէնի հոգեկան առողջութեան կեդրոնին մէջ՝ վարակակիրներ

Նուպարաշէնի Հոգեկան առողջութեան պահպանման ազգային կեդրոնին մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 8 դէպք, որոնցմէ 1-ը հիւնադներու շարքէն, իսկ 7-ը՝ անձնակազմի: Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեանը:

«Հոգեկան առողջութեան պահպանման ազգային կեդրոնին մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 8 դէպք, որոնցմէ 1-ը հիւանդներու շարքէն, իսկ 7-ը՝ անձնակազմի։ Այս պահին հակահամաճարակաբանական գործողութիւններ կ'ընթանան եւ հիւանդի նոյն բաժանմունքը գտնուող 54 հոգի եւս հետազօտուած են։ Հետազօտուած է նաեւ ողջ անձնակազմը՝ պատասխանները կը ստանանք առաջիկային»,- յայտնած է ան։