image

Վրաստանը պիտի չբանայ իր սահմանները Հայաստանի հետ. Վրաց պատասխանատու

Վրաստանը պիտի չբանայ  իր սահմանները Հայաստանի հետ. Վրաց պատասխանատու

Վրաստանը չի կրնար բանալ սահմանը «Քորոնա» ժահրի տարածման բարձր մակարդակ ունեցող երկիրներու զբօսաշրջիկներու համար, այդ շարքին՝ Հայաստանի, յայտարարած է Վրաստանի Հիւանդութիւններու վերահսկման ազգային կեդրոնի ղեկավար Ամիրան Կամքրելիձէն «Պիրվելի» հեռուստաընկերութեան եթերի ժամանակ, կը փոխանցէ ekhokavkaza.com-ը։

«Առաջին հերթին զբօսաշրջիկներ պիտի ըլլան «կանաչ» երկիրներէ։ Զբօսաշրջութեան կոմիտէն կը զբաղվի այդ հարցով։ Երկկողմ համաձայնագրեր կը ձեւակերպուին նուազագոյն ռիսք ունեցող երկիրներու հետ։ Կը մշակուին նաեւ որոշակի ընթացակարգեր՝ ինչ քննութիւն պէտք է անցնի զբօսաշրջիկը նախքան ժամանելը։ Շատ երկիրներ արդէն ներդրած են այդ կանոնները։ Օրինակ՝ մեր քաղաքացիները, որ կը մեկնին Թուրքիա բուժման նպատակով, պէտք է նախապէս ՊՇՌ քննութիւն անցնեն ոչ շուտ, քան (սահմանը հատելէն) 48 ժամ առաջ»,- ըսած է ան։