Իտալացի առաջատար բժիշկ, «Քորոնա» ժահրի փորձագէտ, Միլանի «Սան Րաֆֆաելէ» հիւանդանոցի ղեկավար Ալպերթօ Զանկրիլեոն յայտարարած է, որ ժահրը կը կորսնցնէ աշխոյժութիւնը: Ան պատմած է նոր վարակուածներէն վերցուած քսուքներու մասին: Քննութիւնը, որ կ'որոշէ կենսաբանական հեղուկին մէջ տուեալ ծաւալի մէջ ժահրի պատճէններու քանակը, կը կոչուի վիրուսային ծանրաբեռնուածութիւն: Որքան բարձր է ցուցանիշը, այնքան բարձր է վարակելիութիւնը, եւ հիւանդութեան ընթացքը աւելի ծանր է:
«Վերջին 10 օրուան ընթացքին վերցուած քսուքները ցոյց տուած են, որ վիրուսային ծանրաբեռնուածութիւնը զգալիօրէն նուազած է մէկ կամ երկու ամիս առաջուան արդիւնքի համեմատ»,- անոր խօսքերը կը մեջբերէ Reuters-ը:
Անոր հետ համաձայն է գործընկերը՝ Մաթեօ Պասեթին: Ան նաեւ հաստատած է՝ ժահրի ուժը զգալիօրէն նուազած է: Հետեւաբար, Իտալիան աւելի քիչ «ծանր» հիւանդներ եւ մահացութիւններ ունի նոր վարակէն: Գիտնականները կոչ կ'ընեն պահպանելու տարրական կանոնները. աւելի յաճախ լուալ ձեռքերը, դիմակներ կրել, հեռաւորութիւնը պահպանել, բայց, միեւնոյն ժամանակ, վստահ են, որ անհրաժեշտ է վերադառնալ բնականոն կեանքին:
Զանկրիլեոն կը կասկածի, որ համաճարակի երկրորդ ալիք պիտի ըլլայ եւ գործընկերները կը յորդորէ «շատ խուճապի չմատնուիլ»: