image
Հրատապ լուրեր:

Թանկարժէք ինքնաշարժը նուէր՝ Արցախի նախագահին

Թանկարժէք ինքնաշարժը նուէր՝ Արցախի նախագահին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է․

«Յարգելի՛ հայրենակիցներ

Օրերս ռուսաստանաբնակ գործարար Աշոտ Օրդուխանեանի կողմէ նուէր ստացած են լուսանկարին մէջ ներկայացուած Թոյոթա LC 200 մակնիշի մեքենան՝ ծառայողական նպատակով օգտագործելու համար: Այն արդէն կը գտնուի պետական հաշուեկշռին մէջ, եւ անկէ պիտի օգտուիմ ըստ անհրաժեշտութեան՝ մայրաքաղաքէն դուրս աշխատանքային այցերու պարագային, իսկ ելեկտրա-մեքենան պիտի շարունակէ ծառայել որպէս հիմնական փոխադրամիջոց:

Երբ Աշոտը յայտնեց ինծի նուէրին մասին, ի հարկէ, ցանկութիւնս էր, որ ան այդ մեքենայի ձեռքբերման համար նախատեսուած միջոցները ուղղէր մեր երկրին մէջ ընկերային որեւէ ծրագրի իրականացման: Սակայն քանի որ մեքենան արդէն գնած էր այդ նպատակով, բարեկամաբար որոշեցինք, որ ես ընդունիմ թանկարժէք նուէրը՝ փոխանցելով պետութեան, իսկ ան իր մասնակցութիւնը ունենայ բարեգործական որեւէ այլ ծրագրի:

Նշեմ նաեւ, որ պիտի խուսափիմ թանկարժէք որևէ նուէր ընդունելէ. եթէ որեւէ մէկը նման ցանկութիւն ունի, կը խնդրեմ այդ միջոցներով բարեգործական ծրագիր իրականացնել, հակառակ պարագային՝ այդպիսի նուէրները պիտի փոխանցեմ պետական հաշուեկշիռ»։