image
Հրատապ լուրեր:

Լոռիի մարզ. Վարակուածներու թիւը հասաւ 96-ի

Լոռիի մարզ. Վարակուածներու թիւը հասաւ 96-ի

Լոռիի մարզպետ Անտրէյ Ղուկասեանը ֆեյսպուքեան իր էջին գրառում կատարած է՝ նշելով, որ այսօրուայ դրութեամբ Լոռիի մարզին մէջ գրանցուած է հիւանդացութեան 96 դէպք, մահուան' 1 դէպք։
 

«3 Յունիսի առաւօտէն Վանաձորի Գլորիա կարի գործարանը պիտի փակուի 72 ժամով: Այսօրուայ դրութեամբ Լոռիի մարզին մէջ գրանցուած է հիւանդացութեան 96 դէպք, մահուան` 1 դէպք:
Վիճակը երթալով կը դառնայ առաւել խոցելի: Սիրելի լոռեցիներ, պահպանեցէք անհրաժեշտ ցուցումները, մի վտանգէք ձեր ու ձեր հարազատներու եւ ընկերներու կեանքը»,- գրաղ է մարզպետը:

Յիշեցնենք, որ 2 յունիսի դրութեամբ ՀՀ-ի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 10․009 դէպք, մահուան՝ 214 դէպք։