image
Հրատապ լուրեր:

Կարօ Փայլանի ջանքերով «Կարպիս Նազարեանի անուան մրցաշար»

Կարօ Փայլանի ջանքերով «Կարպիս Նազարեանի անուան մրցաշար»

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը յայտարարած է, որ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին մասնագէտ բռնցքամարտիկ, «Երկաթեայ բռունցք» մակդիրով յայտնի Կարպիս Զաքարեանի պատուոյն բռնցքամարտի առաջնութիւն պիտի անուանակոչուի: Այս մասին կը տեղեկացնէ Gazete Duvar պարբերականը:

25 յունուար 2020-ին Կարօ Փայլան Թուրքիոյ մարմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարին տեղեկացուցած էր Զաքարեանի մահուան մասին եւ առաջարկ ներկայացուցած էր Զաքարեանի նուաճումներու ու թրքական մարզանքին մէջ ներդրման համար անոր պատուոյն որեւէ մարզական միջոցառում անվանակոչելու վերաբերեալ:

Թուրքիոյ մարմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մեհմեթ Մուհարեմ Քասափօղլուն պատասխանած է Փայլանի առաջարկին` տեղեկացնելով, որ որոշում կայացուած է Կարպիս Զաքարեանի անունով մրցաշար իրականացնել, իսկ մարզահամալիրի անուանակոչման հարցի քննարկումը դեռ ուժի մէջ է:

«Ուրախալի է, որ իր ամբողջ մարզական կեանքին ընթացքին խտրականութեան ենթարկուած Կարպիս Զաքարեանի պատուոյն մրցաշար պիտի անուանակոչուի: Մեր բռնցքամարտիկի ձեռքբերումները ըստ արժանուոյն չեն գնահատուած իր կենդանութեան օրօք, եւ մենք կ'ակնկալենք, որ անոր անունը պիտի փոխանցուի ապագայ սերունդներուն անոր անուան մարզական համալիրի միջոցով»,-յայտարարած է Փայլան:

 

HDP'li Paylan: Garbis Zakaryan'ın adı turnuvaya verilecek - Haber

 

Garo Paylan: A Tournament will be Named After Late Boxer Garbis ...