image

Ռուսաստանի մէջ վարակակիրներու թիւի աճ կը գրանցուի

Ռուսաստանի մէջ վարակակիրներու թիւի աճ կը գրանցուի

Ռուսաստանի մէջ նախօրէին յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 8536 նոր դէպք, գրանցուած է մահուան 178 դէպք, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը՝ յղում տալով «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի գծով  շտաբի տարածած յայտարարութեան։

Աղբիւրը մանրամասնած է, որ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ գրանցուած է 1842, Մոսկուայի մարզին մէջ ՝ 736, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ՝ 380, Սվերտլովսկի մարզին մէջ՝ 357 դէպք։ Յայտնի է, որ վարակակիրներէն 3287-ի մօտ որեւէ ախտանշաններ չկան։

Համավարակի սկիզբէն երկրի 85 շրջանի մէջ վարակակիրներու ընդհանուր թիւը հասած է 432 277-ի, հիւանդութենէն մահացած է 5215, ապաքինուած աւելի քան 195 000 մարդ։ Ռուսաստանը այժմ աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրի ամենաշատ վարակակիրներու թիւով երրորդ երկիրն է եւ կը յաջորդէ միայն ԱՄՆ-ին եւ Պրազիլին։