image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ. Նորոգ հանգուցեալ Փիէռ Ճորճ Ղուկասի յուղարկաւորութիւնը՝ այսօր

Երեւանի մէջ. Նորոգ հանգուցեալ Փիէռ Ճորճ Ղուկասի յուղարկաւորութիւնը՝  այսօր

Հայաստանի մէջ օրերս ինքնաշարժի արկածով իր մահկանացուն կնքած, հանգուցեալ Փիէռ Ճորճ  Ղուկասի (ծնեալ՝ 1994-ին) յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ ուրբաթ, 26 յունիս 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Երեւանի Ս. Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ մէջ: Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին եկեղեցւոյ սրահը:

Իսկ Հալէպի մէջ, դարձեալ այսօր, պիտի կատարուի Հոգեհանգստեան պաշտօն, ժամը 12:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Ուրուպէ փողոց: Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, մինչեւ ժամը 3:00, Իսկ կէսօրէ ետք՝ 5:00-էն 8:00:

Նշենք, որ հանգուցեալի հարազատներն ու մայրը «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պարտադրած սահմանափակումներուն պատճառով պիտի չկարողանան ներկայ ըլլալ իրենց զաւակին եւ եղբօր վերջին հրաժեշտի արարողութեան: