image

«Քորոնա»ի Տագնապ. Միացեալ Նահանգներ. Մէկ օրուայ մէջ 44 000 վարակակիր

«Քորոնա»ի Տագնապ. Միացեալ Նահանգներ. Մէկ օրուայ մէջ 44 000 վարակակիր

Միացեալ Նահանգներուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման աւելի քան 44 000 դէպք գրանցուած է մէկ օրուան մէջ:

Ինչպէս կը վկայեն worldometers.info կայքի տուեալները, երկուշաբթի օր երկրի ողջ տարածքին արձանագրուած է ժահրով վարակման 44 734 դէպք: Մահուան մէկօրեայ ցուցանիշը կազմած է 346:

ԱՄՆ-ն առաջատարն է աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման եւ մահացութեան ցուցանիշներով: Համաճարակի բռնկման պահէն մինչ օրս երկրին մէջ արձանագրուած է վարակման 2 683 301 դէպք, որոնցմէ 128 819-ը՝ մահուան ելքով: Ապաքինուած է 1 122 591 մարդ:

CNN-ի տուեալներով՝ առնուազն 16 նահանգի մէջ դադարեցուած է տնտեսութեան վերաբացման ծրագիրը: Ժահրով վարակման դէպքերու նուազում նկատուած է միայն 4 նահանգի մէջ: