image

Պրազիլիոյ դատարանը չեղարկած է երկրի նախագահին դիմակ դնել պարտադրող որոշումը

Պրազիլիոյ դատարանը չեղարկած է երկրի նախագահին դիմակ դնել պարտադրող որոշումը

Պրազիլիոյ դաշնային շրջանային դատարանը չեղարկած է նախկին դատական կարգադրութիւնը, ըստ որու՝ նախագահ Ժաիր Պոլսոնարուն հանրային վայրերու մէջ պէտք է բժշկական դիմակ կրէ, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը՝ յղում տալով տեղական լրատուամիջոցներուն։

Աւելի վաղ դատարանը Պոլսոնարուին պարտաւորեցուցած էր Պրազիլի դաշնային շրջանի բոլոր հանրային վայրերուն մէջ դիմակ կրել։ Այս միջոցառման չհետեւելու պարագային անոր օրական մօտ 387 ԱՄՆ տոլարի չափով տուգանք կը սպառնար:

«Դաշնային շրջանի բնակիչներուն դիմակ դնել պարտաւորեցնող հրամանը արդէն կը գործէ, այդ պատճառով արդարադատութեան կողմէ նոր սահմանափակումներ պէտք չէ սահմանուիին»,- յայտարարած է դատաւորը։

Պրազիլի նախագահը առաջին անգամ չէ, որ իրեն աջակցող ցոյցերու եւ հաւաքներու ժամանակ փողոց դուրս եկած է առանց դիմակի եւ ձեռնոցներու։ Պոլսոնարուն աշխոյժօրէն կը քննադատէ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի համար գործող սահմանափակումները, ըստ անոր՝ միայն ռիսքային գօտիի մէջ գտնուող եւ 60 տարեկանէն բարձր քաղաքացիները պէտք է տունը մնան։

Յիշեցնենք, որ մարտին Պոլսոնարուն յայտարարած էր, որ որեւէ «Քորոնա» չի կրնար կոտրել իրեն եւ ԱՀԿ համավարակի մասին յայտարարութիւններուն ի պատասխան՝ «Քորոնա» ժահրը «ոչ մեծ կրիփ» որակած էր։ Նշենք, որ համավարակի քանի մը ամիսներու ընթացքին Պրազիլի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի մեթոտներու շուրջ նախագահի հետ ունեցած տարաձայնութիւններու պատճառով պաշտօնէն հեռացուած է առողջապահութեան երկու նախարար։

Վերջին տեղեկութիւններով՝ Պրազիլի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 1 408 485  դէպք, որմէ 59 656-ը՝ մահուան ելքով։ Հիւանդութենէն ապաքինուած է 790 040 մարդ։