image

Ուհանէն կանխազգուշացում. «Քորոնա»ի նոր ալի՞ք

Ուհանէն կանխազգուշացում. «Քորոնա»ի նոր ալի՞ք

Ուհանի ժահրաբանութեան հիմնարկի գիտնական Շի Չժենլին գործընկերոջ՝ Ցույ Ցզէի հետ միասին SARS տեսակի վարակ յայտնաբերած է եւ զգուշացուցած է «Քորոնա» ժահրի հաւանական բռնկումներուն մասին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Քորրոսփանտընթ»-ը, Չժենլիի խօսքով՝ այն, ինչ գիտնականները այսօր յայտնաբերած են, սառցաբեկորի միայն վերնամասն է: Իրենց ուսումնասիրութեան մեջ գիտնականները նշած են, որ «Քորոնա» ժահրը կը զարգանայ եւ հետեւաբար աւելի հեշտ կը փոխանցուի չղջիկներէն մարդոց:

Վարակաբանի կարծիքով՝ մարդիկ աւելի յաճախ կը ներխուժեն բնութեան աշխարհ, իսկ վայրի կենդանիներու տեղափոխման հետ մէկտեղ պայմաններ կը ստեղծուին հիւանդութիւններու տարածման համար: Ներկայ պահին չղջիկները «Քորոնա» ժահրի 6 բռնկման պատճառ դարձած են, այդ շարքին եւ «Քովիտ-19»-ի:

Գիտնականը յաջողած է շուրջ 1500 տարբեր տեսակի «Քորոնա» ժահրեր յայտնաբերել չղջիկներու օրկանիզմին մէջ:

Նշենք, որ աւելի վաղ կը հաղորդուէր, որ Չինաստանի մէջ գիտնականները վարակի նոր տեսակ յայտնաբերած են, որ, ըստ անոնց, «համավարակ դառնալու մեծ ներուժ ունի»: