image

Ռուսաստան մինչեւ 31 Յուլիս, 2020 յետաձգեց բոլոր միջազգային թռիչքները

Ռուսաստան մինչեւ 31 Յուլիս, 2020 յետաձգեց բոլոր միջազգային թռիչքները

Ռուսաստանի Դաշնութեան օդային փոխադրութեան դաշնային գործակալութիւնը («Ռոսաւիացիա») մինչեւ Յուլիսի վերջը երկարաձգած է միջազգային թռիչքներու արգելքը, պայմանաւորուած «Քորոնա» ժահրի համավարակով:

Այս մասին յայտնած է «Քոմերսանթը», յիշեցնելով, որ Յունիսին «Ռոսաւիացիա»ի մէջ քննարկուած էր թռիչքներուն մասնակի վերակագնումը 15 Յուլիսէն սկսեալ: «Մինչեւ 31 Յուլիս, 2020, արտասահմանցիներուն Ռուսաստան մուտքի ժամանակաւոր սահմանափակում պիտի գործէ»,- ըսուած է համապատասխան որոշումին մէջ, որ ուղղարկուած է բոլոր օդակայաններուն:

Արտասահմանեան թռիչքներու սահմանափակումներու երկարաձգման մասին տեղեկութիւնը հաստատած է նաեւ S7 օդանաւային ընկերութիւնը:

Նշուած է, որ սահմանափակումները կը վերաբերին ոչ միայն դէպի Ռուսաստան, այլեւ ՌԴ-էն դէպի այլ ուղղութիւններ թռիչքներուն: