image

«Քորոնա»ի տագնապ. Դրական լուրեր պատուաստներու մասին

«Քորոնա»ի տագնապ. Դրական լուրեր պատուաստներու մասին

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրի դէմ 17 տարբեր պատուաստ ներկայ պահուն հասած են քլինիկական փորձարկումներու փուլին: ТАСС գործակալութեան փոխանցումով՝ այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան փորձագէտ Անա Մարիա Էնաո-Ռեսթրեփոն:

«Ներկայ պահուն մենք 17 տեսակի պատուաստ ունինք, որոնք կը գտնուին քլինիկական փորձարկումներու փուլին մէջ: Անհամբերութեամբ կը սպասենք փորձարկումներու արդիւնքները»,- ըսած է բժիշկ-փորձագէտը:

Փորձագէտի խօսքով՝ պատուաստանիւթերու մշակման աշխատանքները աշխուժօրէն առաջ կ'ընթանան, այդ իսկ պատճառով ԱՀԿ-ն կ'ակնկալէ, որ աւելի մեծ թիւով պատուաստներ քլինիկական փորձարկումներու ենթարկուին: Սակայն վերջինս նշած է, որ դեռ պարզ չէ, թէ երբ վերջնականապէս պատրաստ կ'ըլլայ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստը:

Վերջին ամիսներուն, Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Չինաստանի եւ շարք մը այլ երկիրներու գիտնականները յայտնած են պատուաստանիւթերու փորձարկումներ սկսելու մասին:

Ըստ ԱՀԿ-ին՝ հաւանական պատուաստի առաջատար թեկնածուներէն է ամերիկահայ գործարար Նուպար Աֆէեանի Moderna ընկերութեան մշակած պատուաստանիւթը, որ ներկայ պահուն քլինիկական փորձարկումներու երրորդ փուլին մէջ կը  գտնուի: