image

Կիւմրիի մէջ 93 վարակակիր բուժում կը ստանայ

Կիւմրիի մէջ 93 վարակակիր բուժում կը ստանայ

3 Յուլիսին, ժամը 11։30-ի դրութեամբ Գիւմրիի վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 93 հիւանդ կը բուժուի, անոնցմէ 89-ը Շիրակի մարզի բնակիչ է։

Մարտ մէկէն մինչ օրս Շիրակի մարզի բուժհաստատութիւններուն եւ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի մարզային կեդրոնին մէջ իրականացուած է 4760 նմուշառում, 12 մայիսէն 2 յուլիսը ներառեալ Գիւմրիի մէջ իրականացուած է 3406 նմուշառման հետազօտութիւն, 2 յուլիսին հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 41 նոր դէպք։

Մարզին մէջ այսօրուան դրութեամբ տնային ինքնամեկուսացման ցուցում ունի 1071 քաղաքացի, անոնցմէ 249-ի մօտ դրական ախտորոշում կայ՝ հիւանդութեան անախտանիշ ընթացքով, հսկողութիւնը կ'իրականացուի առողջութեան առաջնային օղակի կողմէն։

«Քորոնա» ժահրէն առողջացած եւ հիւանդանոցէն մինչ օրս դուրս գրուած է Շիրակի մարզի 281 բնակիչ։
 

40 հիւանդներ տեղափոխուած են մայրաքաղաք: Արձանագրուած է մահուան 21 դէպք։